2014-03-08 08:37:04

Զուիցերիոյ եպիսկոպոսներու քառասնորդացի հովուական թուղթը` հրաւէր հաւատքի միութեան` եկեղեցին ոչ բարեսիրական մարմին է եւ ոչ ալ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն։


Քառասնորդացի առաջին կիրակի օրուան առթիւ, 9 մարտ 2014, Զուիցերիոյ եպիսկոպոսները հովուական թուղթ մը ուղղած են հաւատացեալներուն հրաւիրելով զանոնք հաւատքի միութեան։
Քրիստոնեայ ըլլալ, կը կարդանք պատգամին մէջ, կը նշանակէ երախտապարտ հոգիով ընդունիլ ''Տէր Աստուած ընդ մեզ է''։ Եկեղեցին մարդկային հաստատութիւն մը չէ, այլ զայն Աստուծմէ կ'ընդունինք։
Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը կը կոչէ Եկեղեցին ''խորհուրդ'', որովհետեւ Եկեղեցին միաժամանակ թէ նշան է եւ թէ միջոց սերտ միութեան Աստուծոյ հետ ու մարդկային ցեղին հետ։
Իրենց հովուական թուղթին մէջ եպիսկոպոսները կ'ընդգծեն հարկաւորութիւնը ապաշխարութեան ու դարձի, որ կարելի է իրագործել հաւատքի ապրումի միջոցաւ։ Հետեւաբար հաւատքի շնորհիւ մենք իրարու միացած ենք։ Քրիստոնեային առաջին պարտականութիւնն է ապրիլ այս հաւատքը ու վկայութիւն տալ քրիստոնէական հաւատքին – յանձնարարած են եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.